2015-05-06 10:26:00

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հերթական` վեցերորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները։


«2015 թ. Մայիս 3-ին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան հերթական` վեցերորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որոնց մասնակցեցաւ ընտրողներու աւելի քան 70%-ը:

Ընտրութիւնները ընթացան ազատ եւ մրցակցային պայմաններու մէջ` միջազգային չափանիշներուն համապատասխան, որունմասին կը վկայեն երեք տասնեակ երկիրներէ ժամանած շուրջ 100 միջազգային դիտորդներու գնահատականները,- ըսուած է ԼՂՀ ԱԳՆ տարածած յայտարարութեան մէջ:

«Խորհրդարանական ընտրութիւնները վերահաստատեցին այն փաստը, որ իւրաքանչիւր ժողովրդավարական համակարգի գործունէութեան պարտադիր տարր հանդիսացող ընտրութիւնները դարձած են Արցախի քաղաքական մշակոյթի բաղկացուցիչ մաս:

Ազատ, արդար, թափանցիկ եւ մրցակցային ընտրութիւնները, ըլլալով ԼՂՀ քաղաքական գործընթացներու անբաժան մեքենականութիւն, ուղղուած են հանրապետութեան հասարակական կեանքի կազմակերպման ու ժողովրդավարական եղանակով իշխանութեան մարմիններու ձեւաւորման, որոնք իրենց հերթին մարդու իրաւունքներու, հիմնարար ազատութիւններու եւ օրէնքի գերակայութեան առաջմղման հիմքն են:

Ընտրութիւնները, իբրեւ կամարտայայտութիւն Արցախի ժողովուրդի կողմէ, որուն դերը սեփական ապագան որոշելու հարցով միանշանակ ընդգծուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու 2015 թ. Ապրիլ 30-ի յայտարարութեան մէջ, նաեւ կարեւոր ներդրում են տարածաշրջանին մէջ կայունութեան պահպանման եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդարացի ու խաղաղ կարգաւորման գործին մէջ»,- ըսուած է  ԼՂՀ ԱԳՆ յայտարարութեան մէջ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.